Կ՛ընդունուին Ազգային երիտասարդական համաժողովի մասնակցութեան յայտերը

Armenian National Youth Forum
()
image_pdfimage_print

Armenian National Youth Forum

2023 թուականի օգոստոս 1-3 Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ազգային երիտասարդական առաջին համաժողովը, որուն կը նախատեսուի 450 մասնակիցի ներկայութիւնը սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն: Համաժողովը կը կազմակերպուի ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ` նպատակ ունենալով համախմբել սփիւռքի երիտասարդական ներուժը եւ ստեղծել օրինական հիմքեր յետագայ համագործակցութեան համար: Հաւաքը Հայաստանին եւ սփիւռքին հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու երկկողմ առաջնահերթութիւնները,  համադրելու օրակարգերը եւ մշակելու ռազմավարական մօտեցումներ:

Premier forum national de la jeunesse en Arménie du 1er au 3 août 2023

Երիտասարդներուն կողմէ` երիտասարդներուն համար: 

Համաժողովին մասնակցելու համար պիտի հրաւիրուին սփիւռքեան երիտասարդական, համայնքային, ուսանողական, կրթամշակութային, մասնագիտական կառոյցներու եւ ոլորտներու այն ներկայացուցիչները, որոնք 18-35 տարեկան են, աշխոյժ անդամներ են Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու տարբեր շրջանակներու մէջ, նպատակ ունին զարգացնել իրենց գործունէութիւնը եւ ստեղծել նոր կապեր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի այլ համայնքներու հետ:

Premier forum national de la jeunesse en Arménie du 1er au 3 août 2023

Ազգային երիտասարդական համաժողովը կ'իրականացուի ներառական ձեւաչափով, որուն ընթացքին տեղի կ'ունենան խմբային  քննարկումներ, հանդիպումներ, շնորհանդէսներ, աշխատաժողովներ, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսներ, կապերու հաստատման եւ մշակութային ձեռնարկներ: Համաժողովն ամբողջ աշխարհի հայ երիտասարդներուն հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու ընդհանուր առաջնահերթութիւնները եւ միասին աշխատելու Հայաստան-սփիւռք երիտասարդական համագործակցութեան ճանապարհային քարտէզի մշակման ուղղութեամբ:

Սփիւռքի համայնքներուն մէջ աշխոյժ  ներգրաւուած երիտասարդ գործիչները, մասնագիտական խումբերու ներկայացուցիչները, համահայկական, երիտասարդական կառոյցներու անդամները, որոնք հետաքրքրուած են համաժողովի մասնակցութեամբ, կրնան լրացնել հետեւեալ  յայտադիմումը` :

 

https://forms.gle/u27KbzBZwyLV8PcFA

Premier forum national de la jeunesse en Arménie du 1er au 3 août 2023

image_pdfimage_print

How useful was this post?

Click on a star to rate it!

Average rating / 5. Vote count:

No votes so far! Be the first to rate this post.

As you found this post useful...

Follow us on social media!

Suivez-nous !

Նմանատիպ իրեր