Զարմանազան 2024: արեւմտահայերէնով ամառնային Միացեալ

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու. — 10-էն 17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ), — 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա), — Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը (Ֆրանսա)։ Պատանիները եւ երիտասարդները պիտի մասնակցին համատարիքային ու բազմատարիքային զանազան աշխատանոցներու,…

Read More